Հաճնոյ Ինքնապաշտպանութիւնը
Մեծ Հորս Տիգրան Չօլաքեանի Յիշողութիւններէն
Առաջին անգամ երբ պատերազմի սկսանք Ճէփէճին ըսաւ որ լեռները ճէփէ պիտի բռնենք, Խումբ խումբ
ամէն մարդ լեռները ճէփէ բռնելու գնաց, տօղու սէքիզին, Օպրախը, իճէլէխ, քիէզ էլէխ, կէօյնիքը,
թօփալէնց պէլէնկը, Չալղօնը եւ իվանքուն լեռը, այս տեղերը ճէփէ բռնեցինք, ես Տօղուն սէքիզին խումբին
մէջն էի, այս ժամանակ գետինը ձիւնով ծածկուած էր եւ միեւնոյն ատէն ձիւն կը տեղար: Մեզմէ քիչ մը
վերը թուրքեր կը գտնուէին, ամիս մը անցաւ, ճէփէճին 25 հոգի ընտրեր է, հրաման ըրէր է որ ձեզմէ քիչ մը
վէր գտնուող թուրքերուն ճէփէն պիտի բռնէք:
Զանիէլ չավուշն ալ մէջերնին ըլլալով ճամբայ ելած են
մէմիշին տունը, վերը գացեր են, մտածեր են որ մենք եթէ առաչնորդող մը չունենանք այդ լեռը չենք կրնար
ելլէլ, մտածեր են որ եթէ Տիգրան Չոլաքեանը չի գտնենք անկարելի է քաքաթը ելլել. Եկան զիս գտան,
մեզի այդ լեռը ճամբորդէ ըսին, ես ալ միասին ճամբայ ելանք, բայց այս ժամանակ օրը իրիկուն էր մենք
գիշերը պիտի երթանք, գիշերը գացինք Տամանենց կօլը ելանք, արդէն առաջունէ հոն մեզմէ ճէփէ ունէինք,
հոն ճէփէ պահող միայն Նշան Կէրկէրեանը մնացեր էր, հարցուցինք թէ ուր են քու ընկերներդ, տղան ըսաւ
թէ ընկերներս թուրքերուն կեցած տեղը գացին պատերազմի բռնուած են երկու հոգի զարնուած են, իսկ
միւսներն ալ մինչեւ հիմա քովս չեկան, այս ժամանակը կէս գիշեր էր, Նշան եղբայր դուն հոս պահէ ըսինք,
մենք ալ հոն կերթանք. թուրքերուն կեցած տեղը գացինք ճէփէ բռնեցինք, այս ատէն օրը լուսցած էր,
թուրքերուն հետ պատերազմի բրնուեցանք կէսօրէն վերջ մինջեւ ժամը 2էն 3, թուրքերը զօրացան, իսկ մեր
ետեւէն ուժ չեկաւ, այս ատեն անձրեւ տեղաց եւ մշուշով պատուեցաւ, մենք ալ առիդէն օգտուելով ամէնքս
միասին բախանք Հաճըն իջանք:
Ասկէ տասե տասընհիք օր վերջը թուրքերը զորանալով հարցակեցան մեր ամբողջ ճէփէները
գրաւեցին, մենք ալ բախանք Հաճըն լեցուեցանք, հիմա մեր իստիխամնները եղան պատերու տակերը,
թուրքերուն ճէփէները եղան վանքը, ղշլան, թուրսարգիսենց տունը, քէօյկէվօնըշ, Սուրբ Սարգիսը, գրտիտը,
կէլիկը եւ ղաշրը պազօյը, ալեւս մենք դուրս չի կրցանք ելլել: Օր մը առտու ելանք որ թուրքերը թնթանոդ
բերեր են Չէօզպէկը դրեր են միթրաեօզ մըն ալ Չէօզպէկին ակը դրեր են, այն օրը առտունէ մինչեւ իրիկուն
գնդակ եւ միթրաեօզ բացին, մենք չի կրցանք դուրս ելլել վախերնես, որովհետեւ այդ տեսակ բան չէինք
տեսած ալ, ամէն օր այս կէրպով թուրքը մեզի աչք բանալ չի տուաւ, այն օրերը վանքին վարը պախճեճոնց
թաղը կը պահէինք, ճէփէճին այդ տեղերը պահել կուտար թէ թուրքերը մեզի չի մոտենան: Օր մը ես ոտքէս
վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցայ, տասնը վեց որ պարկելէ հետոյ տուն եկայ տեսայ որ
պախճեճոնց տուները այրեր են մերինները, բայց նորէն ճէփէճին պահել կ՛ուտար կոր այդ տեղերը երեք
հոգիով: ես ալ զէնքս առնելով գացի այդ իստիխամը, տեսայ որ տղոց այդ նստած տեղը անհարմար է, ըսի
թէ հոս իստիխամի համար անյարմար է , ականջ չի տուին տեսայ որ այդպէս չի պիտի ըլլայ, էմմիին տղուն
Միքայէլ Չօլաքեանին ըսի թէ թի մը եւ բրիչ մը առ եւ ինծի հետեւէ եւ ըսած տեղս գացինք, սկսայ փորել
իստիխամի համար, այդ միջոցին պախճէճոնց փակէն բրիչի ձայն մը եկաւ ականջիս, շուտ մը տղոց քով
գացի լուր տուի թէ հոն թշնամի կայ, բայց տղաքը նորեն ականջ չի տուին, մեր եւ ըսած թուրքերուն միջեւ
չորս տուն կայ բայց այրուած են հիմայ, այսչափ մոտ ենք իրարու, տեսայ որ տղաքը ականջ չի տուին.
Համբերութիւնս հատաւ առանձինս գացի, մօտեցայ իրենց, մութին մէջ չի կրցայ զանազանել ինչ ըլլալնին
ետ եկայ ընկերներուս քով ըսի թէ թշնամին մեզի մոտեցէր է, երեքս միասին գացինք ցցուցի իրենց, Ղազար
Չաուշին ըսի թէ զենք մը պարպէ տեսնենք ինչ է սա տեսնուածը, իմ զէնք չի պարպելուս պատճառը քովս
շատ փամփուշտ չի կար, վերչապէս զենք մը պարպէլ տուի, այն ատէն թուրքերը սկսան մեզի դէմ կրակ
բանալ մենք ալ իրեց, այս ձայնին վրայ մեր ետեւէն ուժ հասաւ, յարցակեցանք գրաւեցինք վանքը,
Թուռսառգիսէնց տունը եւ ղշլան ալ այրեցինք, միջոցը կէս ժամ չանցաւ Սուրբ Սարգիսին կողմը գտնուող
տղաքը մեզմէ ուժ առնելով յառձակեցան Սոիրբ Սարգիը գրաւեցին միւս կողմէն Ղոփուշին թաղը կեցող
տղաքը Արամ Չաւուշն ալ հետերնին ըլլալով յարցակեցան Գրտետը գրաւեցին եւ թուրքերուն ձեռքը կէցող
որբանոցի տղաքն ալ ազատեցին, այս բոլորը մէկ գիշրուան մէջ եղաւ, թուրքերը քիչ մը հեռացան մեզմէ,
բայց գնդակը եւ միթրայօզը տեւական կը նետուէր, մի քանի օր վերջը թուռքերը նորէն եկան նոյն տեղերը
գրաուեցին։
ԳնԴակին Հարձակումը
Պատերազմը սկսելէն միչեւ այսօր երեք ամիս անցաւ, այս օրերը վիճագնից շատ քէշ էր, ճեփեճին եւ
աղաները ժողովի նստած են, խորհրդածելու ժամանակ ճէփէճին ըսեր է թէ Հաճնոյ մէջ երկու հոգի չեք
կռնար գտնել որ թշնամիին մէջէն անցնելով իվանքուն լեռը ելլեն, թուրքին ուր ըլլալը, որքան ուժ
ունենալը եւ ամէն տեսակետով մանրամասն տեղեկութիւններ բերէն։ Աղաները կսեն թէ այս լեռները
գիտցող երկու հոգի կայ, մեկը Տիգրան Չօլաքեանը միւսն ալ Միհրան Կտիկեանը եթէ երթան միայն այս
երկուքը կրնան երթալ ըսելով բատասխաներ են, եկան մեր երկուքս ալ կանչեցին, ճէփէճիին քով քացինք,
ըսաւ թէ տղաքս դուք սա Իվանքուն լեռը պիտի ելլեք որ ամէնէն բարձր լեռն է ձեզի հեռադիտակ պիտի
տանք, Հաճնոյ չորս կողմը պիտի դիտեք, տեսնէք թէ թուռքերը որքան ուժ ունին լաւ մը քննելէ յոտոյ մեզի
մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի բերէք, տղաքս ըսաւ վիճակնիս կը տեսնեք, շատ քէշ կացութեան մէջ
ենք հիմա, օրը եօթանասուն ութսուն գնթակ կարցակուի Հաճնոյ վրայ, միեւնոյն ատեն միթրաեօզ ալ կը
բանան, եթէ լուր մը բերեք թերեւս Աստուած անմեղ պզտիկներուն երեսը կը նայի, թերեւս գնդակն ալ կը
գրաւենք ըսելով մեզմէ պատասխան սպասեց, մենք ալ մի քանի վայրկեան մտածեցինք, թէպէտեվ երթալիք
տեղերնիս վտանքաւոր եւ շատ դժուար էր, բայց մեր հայրենիքին սիրոյն համար որոշեցինք երթալ, երկուքս
միաբերան պատասխանեցինք եւ ըսինք մինչեւ իսկ եթէ մեռնինք նորեն ձեր խնդրանքը չպիտի մերժէինք, այս
որոշումէն վերջ մեզի տուին հեռադիտակ, ջուրի մաթրոց, փամփուշտ միեւնոյն ատեն պաշարնիս եւ
քաջալերական խոսքեր խոսեցան Աստուած հետերնիդ ըլլայ ըսելով գիշերը ճամբայ ելանք գացինք
ճէնտերմէ տայրան այդ տեղերէն անցնելով քէյկէվօնէ կամուրջին ջուրը մտանք, ջուրին մէջէն դեպի վար
երթալով մինչեւ տերվաննէսէնց կամուրջը հասանք, ալ հոս թուռքերուն սահմանէն հեռացած էինք, ջուրէն
դուրս ելանք չալղօնէն դէպի վեր ելլելով իվանքուն քաքաթը ելանք, այս ատեն օրը լուսցաւ, այդ օրը մինչեւ
իրիկուն հոն մնացինք հեռադիտակով թշնամիին ուժերը իմացանք, իրիկունը ճամբայ ելանք եկած տեղերնէս
նորէն Հաճըն իջանք. Ճէփէճիին քով գացինք ինչպէս որ տեսած էինք պատմեցինք, շատ ուրախացաւ, ըսաւ
որ տղաքս այսօր գացէք հանգիստ ըրէք վաղը նորէն իստիխամ պիտիերթանք, ճէփէճին եւ Աղաները կրկին
ժողովի նստեր են, որոշեր են որ չորս հարիւր զինուոներ զինուած դուրս պիտի ելլեն, հարիւր հատը
կէօյնիքի լեռը պիտի երթան, երեք հարիւր ալ թնթանոթին վրան, տասը տասնըհինք օրէն այս
կարգադրութիւնը տեսան, զինուորները պատրաստեցին ճամբայ ելլելու համար բայց ես եւ Միհրանը
մեջերնին չիկանք. Հոն մտածեր են որ այս չորս հարիւր հոգին ով պիտի առաջնորդէ մինչեւ վաղը իրիկուն,
մեծերը ըսեր են թէ Տիգրան Չոլաքեանը կանչեցէք ան կրնայ առաջնորդէլ եւ տեղաւորել ձեզի, փօստայ մը
եկան քովս ըսին թէ քեզի կուզէն, գացի տեսայ որ զինուրները պատրաստուէր են զիս կ՚սպասեն, Ճէփէճիին
քովը գացի ըսաւ որ տղաս դուն անգամ մը այս լեռը գացիր եկար հիմայ նորէն այս զինուորներուն առջեւը
պիտի իյնաս, պիտի տանիս եւ պիտի տեղաւորես, մինջեւ վաղը իրիկուն այս զինուորներուն
պատասխանատուն դուն ես. Հրամանատար Արամ Չաւուշը մեջերնիս ըլլալով ճամբայ ելլանք քէյկէվոնէ
կամուրջին տակէն ջուրը մտանք մինչեւ տէր վաննէսենց կամուրջը հասանք, ջուրին մէջէն դուրս ելլանք,
հոն հարիւր հոգի մեզմէ զատուելով կէօյնիքին լեռը քացին, ես միւս մնացած տղոցը առջեւ իյնալով լեռն ի
վեռ կ՚երթանք, լեռան կէսը հասանք, ետեւէս լուր մը եկաւ թէ Արամ Չաւուշը երկու տղայ առնելով մեզմէ
զատուեցաւ, հոն շատ հոգիս նեղուեցաւ, որովհետեւ Արամ Չաւուշը վաղը իրիկուն մեզի պիտի չի կրնայ
գտնել բայց ես մինչեւ վաղը Ասդուած մեծ է ըսելով երեք հարիւր տղաքները լեռան քաքաթը հանեցի
անտառներուն մէջը տեղաւորեցի. Օրը լուսցաւ մինչեւ իրիկուն սպասեցինք բայց Արամ Չաւուշը մէջերնիս
չիկայ, տղոց առջեւը ինկայ դեպի թնթանօթ ուղղուեցանք, կէս ճամբան կեցայ ինչ ընեմ Արամ Չաւուշը
չիկայ, եղբայրս Պողոս Չօլաքեանը եւ Սիմօն Ճունտուրեանը կանչեցի ըսի թէ կէզին քաքաթը պիտի երթաք
Արամ Չաւուշը պիտի գտնեք եւ բերեք եթէ չի կրնաք գտնել մեր վիճակը գէշ է, որովհետեւ ամէն հրաման
անոր ձեռքն է, իսկ ես տղաքը թնթանօթին կը մօտեցնեմ ձեզի կ՚սպասեմ, ըսածիս պէս տղաքը տարի միայն
Արամ Չաւուշը կ՚սպասեմ, բաւական սպասելէ վերջ տղաքը Արամ Չաւուշը գտեր են եւ կը բերէն, ես իրէն
բառ մը չ՚սած ինք ինծի Տիգրան եղբայր ըսաւ եթէ այս տղաքը չի ղրկէիր անկարելի էր որ ձեզի գտնէի, եթէ
Աստուած մեզի ազատէ ձեր երկուքին ալ ինչ լաւութիւն պիտի ընեմ միայն ես գիտեմ ըսաւ, հետոյ գրպանէն
լուցկին հանեց մօմը վարեց հրամանագիրը հանեց տասնապետններուն աննուները կ՚արդալով իրենց տեղըրը
ղրկեց, ինծի ըսաւ թէ Համրէ գովերնիս քանի հոգի մնացեր է, համրեցի յիսուն հոգի մնացեր էր գովերնիս,
ըսաւ թէ մեզի թնթանօթին մօտեցուր, . Ճամբայ ելանք թնթանօթին մօտեցուցի մատովս ցցուցի եվ ւսի հոն է
թնթանօթը հոս ենք մենք եւ իմ պարտականութիւնս կատարեցի հիմա ինչ որ կ՚ուզես ան ըրէ, ինքն ալ ըսաւ
որ քիչ մը եւս նստինք, Հաճընէն մայթապ պիտի նետուի այն ատէն թնթանօթին վրայ պիտի հարցակինք,
սպասեցինք ժամանակը եկաւ, Հաճընէն մայթապ նետուեցաւ եւ հարցակում ըրին, մենք ալ վերէն ամէնքս
միասին թնթանօթին վրայ հարցակեցանք, թուրքերուն կէսը զարկինք կէսը բախցուցինք, այդ վայրկեանին
Արամ Չաւուշը թնթանօթին վրայ նետուեցաւ, գնդապետը բռնեց եւ սպանեց, ատկէ վերջ մենք դէպի վար
հարցակեցանք, Հաճընէն դեպի վեր հարցակեցան իրարու միացանք, մէջտեղնիս թուռք մը չի մնաց, այն
ատեն Հաճընէն մեծ ու պզտիկ թնթանօթին քովը եկան, եօթը հարիւր գնդակները եւ ուտելիքները չի
լուսցածէն Հաճըն իջեցուցինք, երկու օր վերջն ալ թնթանօթը իջեցուցինք, թուրքերն ալ արդէն հեռացած
էին մեզմէ։
Թնթանօթը քռնելէն վերջ քիչ մը ազատ ապրեցանք, մինչեւ ամիս մը այդ ուտելիքներով ապրեցանք,
յետոյ ուտելիք չի գտնելով ձին, էշը, կատուն մորթեցինք կերանք, աչքերնիս Ատանա քաղաքը մնաց,
կ՚սպասենք որ ուժ մը պիտի գայ եւ պիտի ազատէ մեզ, բայց ի զուր, սկսանք հացի կերակուրի տեղ թթենիի
տերեւները խաշել եւ ուտել, ծխախոտի տեղ խոտերը կը հաւաքէինք կը ծխէինք, բաւական ժամանակ մը այս
վիճակով ապրեցանք, բայց նորէն աջքերնիս Ատանայի ճամբան էր, թերեւս կ՚ուքան կազատեն մեզ բայց
չեկան։ Այդ ժամանակ նորէն Ճէփէճին եւ Աղաները ժողովի նստեցան, ըսեր են թէ կիւրնէշէն հարցակինք
պաշար բերենք թէ ոչ Ուրումլուն, Ուրումլուն երթանք նէ ուտելիք շատ կը գտնենք ասանք որոշեր են, Արամ
Չաւուշը եւ Զանիէլը միասին ըլլալով ճամբայ ելանք Ղուրուճօնը հասանքՙ
Արամ Չաւուշը խումբ մը զինուորներ պզտիկ լեռը ղրկեց, խումբ մը զինուորներ կէօզէլլիմը, խումբ
մը զինուորներ ղայլըղօմը, վաթսուն տղայ եց ալ հետերնին ըլլալով պուրուն էլէխօ գագաթը ղրկեց, ինքը
Զանիէլը Չաւուշը եւ մնացած զինուորները առնելով ուրումլուն կացին, այս ատեն գիշեր էր, ամէնուն
հրաման ըրաւ որ տեղերնիտ պիտի պատրաստ սպսեք մինչեւ վաղը, իսկ իրիկունը պիտի հարցակինք թէ
Ուրումլուն թէ Կէօզէլլիմը եւ թէ Նարտօշին վրայ, ես երեսուն հոգի գագաթը ձգեցի մնացած երեսուն հոգին
առնելով Նալտօշին վրայ հարցակեցանք, թուրքերուն մէկ մասը զարկինք, միւս մասն ալ բախան, 315 այծ
եւ 85 կով առնելով գագաթը ելանք օրը լուսցաւ, կէսօրուայ ատենը թուքերը հարցակեցան մեր վրայ
որպէսզի հօտերնին ետ առնեն բայց չի կրցան, հօտերը բերինք Հաճըն իչեցուցինք, նոյն օրը Կէօզէլլիմի
վրայ հարցակողներն ալ բերին, նոյն օրը Արամ Չաւուշը ալ Ուրումլուէն մեր բերածին եռապատիկը բերաւ,
այդ ամէն հօտերը ժողովուրթին բաժնեցինք, հազիւ 18-20 օր ապրեցանք ատկէ վերջ թուռքը մեծ ուժ մը
բերաւ 24 ժամուան մէջ Հաճընը գրաւեց։
Այս ժամանակ տաս տարեկան Համբարձում անունով տղայ մը ունէի, Հաճըն չ՚աւրըուածէն վեց
ամին առաչ Շառ աւրըւեցաւ, Շարէն խումբ մը տղաք բախստական եկան կէլիկօնը հարցակեցան, մի քանի
հատը զարնուեցան մնացածը ողջ առողջ Հաճըն մտան, գիշերը տղաս քունէն առթնցեր է այս խնթիրները
հասկցեր է, վազելով քովս եկաւ ((իստիխամը)) հայրիկ հայրիկ Շառ աւրուեր է մեծ ու պզտիկ թշնամիին
ձեռքը մնացեր են, խումբ մը տղաք բախեր Հաճըն մտեր են, հայրիկ եթէ Հաճըն աւրուի զիս հետդն պիտի
տանիս թէ ոչ հոս պիտի ձգես ըսաւ, ես ալ սիրտ տալու համար անսուշտ տղաս կը տանիմ ըսի, ինքը նորէն
ըսաւ թէ հայրիկ մինչեւ Ատանա չեմ կրնար երթալ բայց թշնամիին ձերքը չի մնալու համար մինչեւ որ
մեռնիմ կ՚երթամ, ես ալ ըսի մի վախնար տղաս երբէք հոգ մի ըներ եթէ մինչեւ Ատանա չի կրնաս երթալ
ուսերուս վրայ կը շալկեմ կը տանիմ քեզ, այս խոսքը իր միտքը կ՚աշխատցնէ եղեր, երբ որ Հաճըն ինկաւ ես
իստիխամն էի բանէ մը լուռ չունէի, որովհետեւ Հաճնոյ մէկ կողմը աւրուեցաւ իսկ միւս կողմը լուռ
չունեցաւ, այդ ժամանակ տղաս քովս եկաւ հայրիկ Հաճըն աւրուեցաւ ամէն մարդ կը բախչի դուն հոս ինչ կը
բռնես ըսելով ինճի լուռ բերաւ, այս ատեն միասին տուն եկանք մայրն ալ առինք սկսանք բախչիլ, (այդ
տղաս հիմա Ամերիկա քորտոպա քաղաքը կը գտնուի) մինչեւ ճենտերմէ տայրան հասանք տեսանք որ խումբ
մը մարդիկ կը բախչին մնոնց հետ միանալով սաղր սէք լեռը, հոն ալ շատ տղոց միացանք, երեք օր Սաղր
Սէգին կենալէն հետոյ ճամբայ ելանք Չիլէքլին հասանք այդ տեղէն ճմաբայ ելանք Հասսան Քէհայէնց
տունը խցեցինք, այն տեղէն անցանք Զէնճիրլիին քաքաթը բռնեցինք, Զենճիրլիէն ճամբայ ելանք,
Եաղպասանը թուռքերու հանդիպելով կրուեցանք մեզմէ եղբայրս Պողոս Չօլաքեանը, Հաճի Մկրտիչ
Պէքէրէճեանը եւ Մինաս Տաքէսեանը զարնուեցան եւ մեռան, ասկէ ճամբայ ելանք Տաշ Քէօփրիւն հասանք,
Տաշ Քէօփրիւէն ալ անցանք Պուճախլ հասանք այդ օրը Համզան մէջերնէս բախաւ, մինչեւ հոս Համզան ինը
ամիս շատ լաւ աշխատեցաւ մեր հետը, ասկէ ալ ճամբայ ռլանք Թլանը եկանք, երեք օր Թլանը պատերազմի
բռնուեցանք, մեզմէ տասը դասնըհինք հոգի մեռան, բայց թուռքերէն հարիւրաւոր մեռան, հոն Արամ Չաւուշը
թուռք տղայ մը բռնեց, տղան ըսաւ թէ զիս մի մեռցներ ձեզի ողջ առողջ Ծիհանը կը տանիմ, Արամ Չաւուշն
ալ չի մեռցուց, միասին ճամբայ ելանք մեզի աղտոտ ճահիճի մը մէջը խոթըց մինչեւ ծունկերնիս, թերեւս
մէկ ժամ գացինք այդ ջուրէն ալ ցամաքը մօտեցանք որ պիտի ելլէնք ջուրը աւելի խորունկ էր իրարու
օգնելով կամաց կամաց կելլէնք ճահիճէն, ելլողը բաւական հեռու զիրար կ՚սպասեն, իմ ելլելէն յետոյ
Թոսուն Ափրահամը եւ ես ջուրին եզերքը կեցանք մնացած ժողովուրդին օգնեցինք, մեկիկ մեկիկ դուրս
հանեցինք, միայն երկու վիրաւոր ձիուն վրքյ մնացեթէ ասոնք ալ հանենք ալ հանենք պիտի վերջանայ, այս
ժամանակ Թոսուն Ափրահամին տղան Մինասը եկաւ ըսաւ թէ հայրիկ ժողովուրդը քալեց դուն հիմա հոս կը
մնասշուտ եկուր ըսաւ ու տղան ետ վերադարցաւ Թոսուն Ափրահամը ականջ չի տուաւ, ես մէկէն
անդրադարցայ եւ տղուն ետեւէն գացի անոնց միացայ, եթէ այդ պզտիկը չի գար ես ալ Թոսուն Ափրահամին
հետը հոն պիտի մնայի, Մինասը հիմա Ամերիկա կը գտնուի կրնաք իրեն հարցնել, Նոյն իրիկունը
ժողովուրդին հետ Ճիհանը հասանք ազատեցանք։